35 Նոյն օրը` երբ իրիկուն կ'ըլլար, ըսաւ անոնց. «[Եկէ՛ք ծովուն] միւս եզերքը անցնինք»: 36
Անոնք ալ բազմութիւնը արձակելով` առին զինք, քանի նաւուն մէջ էր. ուրիշ նաւակներ ալ կային
անոր հետ: 37 Ու հզօր փոթորիկ մը եղաւ եւ ալիքները նաւուն վրայ կը խուժէին, այնպէս
որ արդէն կը լեցուէր. 38 իսկ ինք` նաւուն ետեւի կողմը` բարձի վրայ կը քնանար: Արթնցուցին
զինք եւ ըսին իրեն. «Վարդապե՛տ, հոգ չե՞ս ըներ` որ կը կորսուինք»: 39 Ուստի ելլելով`
սաստեց հովը եւ ըսաւ ծովուն. «Դադրէ՛, լո՛ւռ կեցիր»: Հովը դադրեցաւ, ու մեծ խաղաղութիւն
եղաւ: 40 Ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ այդպէս երկչոտ էք. ի՞նչպէս կ'ըլլայ` որ հաւատք չունիք»: 41
Անոնք չափազանց վախցան, եւ կ'ըսէին իրարու. «Արդեօք ո՞վ է ասիկա, որ նոյնիսկ հովն ու
ծովը կը հնազանդին իրեն»: